Քանպերա (անգլերէն՝ Canberra), Աւստրալիական միութեան (Աւստրալիա) մայրաքաղաք։ Բնակչութիւնը կը գերազանցէ 345 հազար մարդ[4], Քանպերան կը հանդիսանայ Աւստրալիոյ ամենամեծ քաղաքը, որ կը գտնուի մայր ցամաքի ներսը, այլ ոչ ծովափին։ Քաղաքը կը գտնուի Աւստրալիական մայրաքաղաքային տարածքի հիւսիսային մասը, Սիտնիէն 280 քմ հարաւ-արեւմուտք եւ Մելպուրնէն 650 քմ հիւսիս-արեւելք։
Յատուկ ստեղծուած է որպէս մայրաքաղաք։ Կառուցումը սկսած է 1913 թուականին։ 1927 թուականէն խորհրդարանի եւ կառավարութեան նստավայրն է։ Քանպերան սկզբնապէս եղած է Մոլոնկլօ գետի հատուածի անուանումը, որ դարձած է եւ տեղանքի անուանումը։ Այստեղ կառուցուած քաղաքն էլ ստացած է այս անունը, որու ստուգաբանութիւնը ոմանք կը կապեն բնիկներու «Հաւաքատեղի» բառի հետ։